Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Շուշի” պարախումբը կը վերադառնայ բեմ` 4 Յունիս 2022-ին նախատեսուած ելոյթով:
Համավարակի պայմաններուն պարտադրած սահմանափակումներուն մեղմացումին զուգահեռ, պարուսոյց պարոն Աւօ Գարաքէշիշեան շաբաթ առ շաբաթ վերականգնեց պարախումբին կազմը եւ ձեռնարկեց կանոնաւոր փորձերու...
Պարախումբին անդամ մեր աշակերտ-աշակերտուհիները ցուցաբերեցին լրջութիւն եւ հետեւողականութիւն. խանդավառութիւնը կրկին տեղ գրաւեց անոնց շարքերուն մէջ...
Ստացանք մեր ծնողներուն աջակցութիւնն ու քաջալերանքը...շնորհակալ ենք իրենց:
...եւ ի հեճուկս Լիբանանի մէջ տիրող ծանօթ պայմաններուն, ահաւասիկ “Շուշի”ն կը վերադառնայ բեմ...
Կը վերադառնայ յոյսի թեւերուն վրայ՝ առաւել պատրաստուած քան երբեք...